մեր Պատաութիւնը

Սիրոյ Տապան կայքին նպատակն է տարածել եւ բաժնեկցիլ Աստուծոյ խօսքը, յատկապէս հայերէն լեզուով որպէս զի կարենայ հասնիլ այն երկիրները ուր այս տեսակի միջոցները բաւականաչափ տարածուած չեն.

Ինչո՞ւ Սիրոյ Տապան:
Նոյան տապանին միջոցաւ Աստուած երկրորդ առիթ մը ուզեց պարգեւել մարդկութեան որպէս զի հաշտութեամբ եւ համերաշխութեամբ ապրի Իր հետ. Այս նոր ուխտը Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ՝ անգամ մը եւս մեզի ցոյց կու տայ թէ ինչ տեղ կը գրաւենք մենք Աստուծոյ սրտին մէջ, Իր անսահման, անսակարկ ու առանց պայմանի սէրը մեզի հանդէպ հակառակ մեր տկարութիւններուն , մեր սխալներուն, մեր անկատար ըլլալուն. Սիրոյ Տապանը այս երկրորդ առիթին եւ նոր ուխտին արտայայտութիւնն է, Սիրոյ Տապան մը ուր Աստուած ու մարդ արարած կատարեալ համերաշխութեամբ կ'ապրին այս նոյն թագաւորութեան մէջ:



Աստուած միշտ Իր խոստումները կը կատարէ:

'' Զօրքերու Տէրը…ըսաւ; Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ պիտի ըլլայ, ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի:''

Եսայեայ 14:24